Չորեքշաբթի 25, Յունիս 2025
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՓԱՌԱՏՕՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ 2021-2022 ուսման շրջանի եզրափակիչ փուլին տեղի ունեցաւ հայերէնի փառատօն մը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Դպրոցի բոլոր դասարանները ընդգրկուած էին այս փառատօնի ծրագրին, որ գործադրուեցաւ ամբողջ օրուան մը տեւողութեան։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, մինչ եզրափակիչ փուլին շնորհաւորութեան ջերմ խօսքեր արտասանուեցան տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի կողմէ։
Երկուշաբթի, Յունիս 13, 2022