ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի սաներու ընթերցման տօնը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ։ Տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց փոքրիկներուն եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց ուսուցչուհիներուն՝ Արեւ Աւանուսի, Նաթալի Թիւֆեքճիի եւ Նիլ Տումանի մասին։ Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին փոքրիկները ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Իրենց ծնողներն ալ առ ի երախտագիտութիւն յուշանուէրներ յանձնեցին կրթական մշակներուն, որոնք ջանք ու եռանդ չէին խնայած առաջին դասարանի սաներէն։ Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ալ յուշանուէրներ պատրաստած էր այս հանդէսին առթիւ։
Ապա սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին սաները առարկայ դարձան բոլորի գուրգուրանքին։