ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի համալսարանէն խումբ մը երիտասարդներ։ Այսպէս, Իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան ֆաքիւլթէի պատմութեան բաժանմունքի դասախօսներէն Ռամազան Էրհան Կիւլլիւի կողմէ գլխաւորուած՝ շուրջ 20 ուսանողներէ բաղկացեալ խումբը Գումգաբուի մէջ շուրջ ժամ մը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր անմիջական վերաբերմունքին առարկայ դարձաւ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բացատրութիւններ տուաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան եւ գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան անդրադարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի դրուածքի եւ առանձնայատկութիւններու զանազան երեսակներուն։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024