ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։ Սրահին մէջ գործադրուած յայտագիրէն վերջ, դպրոցի պարտէզէն ներս ալ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Մինչ շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ՝ բոլորը անոնց յաջողութիւն մաղթեցին ապագայ ուսումնառութեան համար եւ տղաքն ալ զիրար շնորհաւորեցին՝ խոստանալով, որ կեանքի ողջ տեւողութեան կը պահեն իրենց միջեւ ձեւաւորուած եղբայրական յարաբերութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունիս 13, 2024