ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու իր գործակից ընկերները։ Այս տարի Սամաթիոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 սեպտեմբերին։ Թաղային խորհուրդի անդամները երէկուան հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի առկայ հարցերուն, պիւտճէի վիճակին եւ թաղի այլ խնդիրներուն շուրջ։

Ընդհանուր փոխանորդը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար, գնահատեց թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները։

Ուրբաթ, Յուլիս 13, 2018