ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Իսթանպուլի կուսակալ Տավուտ Կիւլ երէկ այցելեց Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց։ Կուսակալ Կիւլ, որ իր նշանակումէն վերջ ընդունած էր մեր համայնքին կողմէ շնորհաւորական այցելութիւններ, երէկ անոնց փոխադարձեց, ինչ որ առիթ հանդիսացաւ նաեւ զանազան հարցերու քննարկման։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ջերմօրէն ողջունեց Տավուտ Կիւլին այցելութիւնը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն համայնքային բազում հարցեր լուծում գտած են շնորհիւ իշխանութիւններու դրական վերաբերմունքին։ Այս ամբողջին մէջ ան յիշեցուց, որ համայնքային վաքըֆներու ընտրութիւններն ալ տեղի ունեցած են եւ արդէն պաշտօնի գլուխ կը գտնուին նորընտիր մատակարար մարմիններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ այժմ կ՚ակնկալուի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հիւանդանոցներու ընտրութեան կանոնագրութեան հրապարակուիլը։ Ան յիշեցուց նաեւ լսումները, ըստ որոնց համապատասխան աշխատանքները վաւերացման փուլի մէջ կը գտնուին։ Կուսակալ Կիւլ խոստացաւ հետաքրքրուիլ այս հարցով եւ Նորին Ամենապատուութեան շնորհակալութիւն յայտնեց տեղեկութիւններուն համար։
Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Թրքահայ վաքըֆներու միութեան ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին մէջ ալ կուսակալ Կիւլ հիւրընկալուեցաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին կուսակալը ատենապետէն տեղեկութիւններ քաղեց հիւանդանոցի գործունէութեան եւ առկայ խնդիրներուն շուրջ։ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ կուսակալը խոստացած է յարմար առիթով մը վերստին այցելել հիւանդանոց՝ այս անգամ համալիրէն ներս շրջայցով մը աւելի մօտէն ծանօթանալու համար կառոյցին։