ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ԼՈՒՍԱՀՈԳԻ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը վերջին օրերուն ոգեկոչեց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Զենոբ Էֆէնտի Մէրամէթճեանը։ Անցեալ Կիրակի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի, մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով ոգեկոչուեցաւ լուսահոգի բարերարը, հանդիսապետութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեանի։
Իսկ երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքի անդամները այցելութիւն մը տուին Զենոբ Էֆէնտի Մէրամէթճեանի շիրմին, որ կը գտնուի Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։ Տ. Զօհրապ Քահանայ Ճիվանեանի առաջնորդութեամբ այստեղ կատարուեցաւ մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն։ Առ ի երախտագիտութիւն ֆէրիգիւղցիները թողուցին նաեւ ծաղկեպսակ մը։ Ոգեկոչման արարողութիւններուն ներկայ էին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, ուսուցչական կազմին, Ծնողաց միութեան, Տիկնանց յանձնախումբին եւ աշակերտութեան կողմէ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ ներկայացուցիչներ։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքին անդամները հերթական անգամ բերին իրենց խոնարհումը Զենոբ Էֆէնտի Մէրամէթճեանի բարի յիշատակին առջեւ։