ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ խումբ մը։ Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թէք­պը­չա­քի գլխա­ւո­րու­թեամբ շիշ­լի­ցի­նե­րը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին ամ­սա­վեր­ջին կա­յա­նա­լիք «Նո­րա­ծա­գում» հա­ւա­քոյ­թին շուրջ, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը յա­ռաջ կը տա­րուին Նա­տիա Շա­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։ Այս նուի­րա­հա­ւաք­ման ծրա­գի­րը էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի շիշ­լի­ցի­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ միու­թեան կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ պատ­մա­կան այս ա­կում­բը պէտք է պա­հել կեն­սու­նակ ու պէտք է աշ­խու­ժու­թեամբ տե­ւա­կա­նաց­նել ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­ներն ու բա­րե­մաղ­թան­քը։

Միւս կող­մէ, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ըն­դու­նեց նաեւ Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք իր այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էին ու­ղեկ­ցու­թեամբ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեա­նի։ Սրբա­զան Հայ­րը եւ թա­ղա­կան­նե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տա­լուտ տա­րե­կան մա­տա­ղօրհ­նու­թեան շուրջ։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը օրհ­նու­թիւն­ներ եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­կան­նե­րուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015