ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳԸ

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Արամ Գամպուրեանի ազգային յուղարկաւորութեան կարգը, որ համախմբեց հանգուցեալի վաստակին նկատմամբ յարգանքով տոգորուած բազմաթիւ յուղարկաւորներ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւս ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան, որուն հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։ Լուսաշող տաճարին կեդրոնը՝ մահաբեմին վրայ զետեղուած էր Արամ Գամպուրեանի դագաղը, որու շուրջ կերոն բռնած էին ներկայացուցիչները այն հաստատութիւններուն, որոնց ինքը ծառայած էր կամ զօրակցած։ Բոլորը բիւր յարգանքով խոնարհեցան իր ազնիւ յիշատակին առջեւ եւ աղօթեցին յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։

Երէց սերունդէ մտաւորական, երախտաշատ կրթական մշակ ճարտարապետ եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան բազմամեայ ատենադպիր Արամ Գամպուրեանի մահը վերջին օրերուն մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Երէկուան ազգային յուղարկաւորութենէն վերջ Արամ Գամպուրեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024