ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ գումարեց իր այս ամսուան հերթական նիստը։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին համայնքային վարիչները նկատի առին մեր հաւաքական կեանքի այժմու հրապատ խնդիրները։
Այս ժողովը զուգադիպեցաւ բոլորովին վերջերս Անգարայի մէջ տեղի ունեցած՝ Փոխ-վարչապետ Վէյսի Քայնաքի եւ փոքրամասնութեանց համայնքներու ղեկավարներու տեսակցութեան յաջորդած օրերուն։ Ծանօթ է, որ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներուն մատակարար մարմիններու ընտրութիւնները առկախուած են անժամկէտ ձաւով, մինչեւ ընտրական նոր կանոնադրութեան մը պատրաստուիլը։ Փոքրամասնական համայնքներուն մօտ ընդհանրապէս ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ տրամաբանական ժամկէտը վաղուց անցած է։ Այս իրավիճակին մէջ երկրէն ներս պատահած վերիվայրումներն ալ յաւելեալ յոռետեսութեան պատճառ դարձած էին՝ առկախեալ ընտրութիւններու հարցի լուծման տեսանկիւնէն։ Ուստի, Վէյսի Քայնաքի հետ կայացած տեսակցութիւնը դրական ակնկալութիւնները որոշ չափով վերակենդանացուցին համայնքէն ներս։
Փոխ-վարչապետին մօտ տեղի ունեցած հանդիպումը կարեւոր նշանակութիւն ունէր նաեւ այլ տեսանկիւնէ մը։ Արդարեւ, ծանօթ է, որ միջոցէ մը ի վեր կառավարութիւնը մտադրութիւն ունի փոքրամասնական վաքըֆներու պարագային ուղղակի օրէնսդրական կարգադրութեան մը երթալու։ Վաքըֆներու օրէնքը բարեփոխելով կամ այս նիւթին շուրջ նոր օրէնք մը ընդունելով՝ ուղղակի խորհրդարանական մակարդակի վրայ կը ծրագրուի հիմնական միջամտութիւնով մը, աւելի արմատականօրէն կարգաւորել փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու խնդիրները։ Այս ծիրին մէջ կ՚ենթադրուի անոնց ստեղծել հնարաւորութիւն՝ որպէսզի կարենան տիրանալ իրենց կանոնադրութեան եւ հիմնարար փաստաթուղթին (vakıf senedi), որոնց բացակայութեամբ պայմանաւորուած պղտորութիւնները տասնամեակներէ ի վեր ծնունդ կու տան մեր հաստատութիւններու հարցերուն։ Աւելի՛ն, այս կարգադրութիւններու ծիրին մէջ՝ կ՚ակնկալուի նաեւ լուծում մը՝ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակի սահմանման խնդրին։
Վէյսի Քայնաքին հետ տեղի ունեցած հանդիպման շուրջ ժողովականներուն մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Պետրոս Շիրինօղլու եւ Թորոս Ալճան, որոնք արդէն ներկայ գտնուած էին այդ հանդիպման։ Ըստ Թորոս Ալճանի, ընտրութիւններու յետաձգման հարցը շատ խորացած էր, ու նոյնիսկ համայնքները սկսած էին զիրար մեղադրել, մեր համայնքի հասցէին ալ շրջանառութեան մէջ էին պնդումներ։ Վերջին շուրջ ութ տարիներուն ընթացքին հասարակաց ընթացք որդեգրած փոքրամասնական համայնքները տարակարծութիւններ ապրիլ սկսած էին եւ այս առումով Վէյսի Քայնաքի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը շատ կարեւոր էր։ Ճիշդ է, որ այսօր փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներուն տեսակէտէ ընտրութիւններու հարցը դարձած է առաջնահերթ, սակայն իրականութեան մէջ վաքըֆ մը ըլլալու գլխաւոր նախապայմանն է ունենալ համապատասխան հիմնարար փաստաթուղթ մը։ Փոքրամասնութիւններու վաքըֆները այսօր զուրկ են որեւէ հիմնարար փաստաթուղթէ, որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք ինչպէս, ինչ նպատակներով եւ ընթացակարգերով կ՚աշխատին։ Ճիշդ է, որ 1936 թուականի յայտարարագրերը եկած են փոխարինել այդ հիմնարար փաստաթուղթերը, սակայն անոնք պարզապէս կալուածոց ցուցակներ են։ Ցուցակ ըլլալու այդ հանգամանքը չի կրնար ստուեր ածել այդ յայտարարագրերու կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ անոնց շնորհիւ ապահովուած է մեր վաքըֆներուն պաշտօնական կարգավիճակը՝ որպէս բարոյական անձ։ Քաղաքացիական օրէնսգրքին համաձայն մեր վաքըֆները չունին կարգավիճակ, ուստի անոնց ընտրութիւններուն վերաբերեալ կանոնագրութիւնը իրականութեան մէջ կը նշանակէր անոնց գոյութեան վերաբերեալ կանոնագրութիւն մը։
Թորոս Ալճան բացատրեց, որ տարբեր հարց մըն է, թէ այդ կանոնագրութիւնը պէտք է խմբագրո՞ւի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կամ ոչ։ Սակայն նախընթացները ձեւաւորուած էին այդպէս եւ օրուան քաղաքական իշխանութիւններն ալ միշտ վաւերացուցած՝ այդ կանոնագրութիւնները։ Այժմ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ արմատական կարգադրութիւն մը կը նախատեսէ այս բոլոր խնդիրներուն համար։ Ան պատրաստած է բացառիկ կարգադրութեան մը ենթագետինը, որու հիման վրայ մէկ անգամուան համար փոքրամասնութիւններու վաքըֆները պիտի վերակազմակերպուին ամբողջութեամբ։ Սա կ՚ենթադրէ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներուն համար ընձեռել հնարաւորութիւն՝ որպէսզի անոնք ունենան իրենց հիմնարար փաստաթուղթերը։ Ըստ Թորոս Ալճանի, Ատնան Էրթէմ անթաքոյց հրապարակաւ յայտնած է, որ պետական աւագանին հաշտ աչքով կը դիտէ այս վարկածը։ Ան Անգարայի մէջ Վէյսի Քայնաքի հետ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման ընթացքին ալ ծաւալուած քննարկումները դրած է այս հունին մէջ։ Թորոս Ալճան ըսաւ, թէ իրականութեան մէջ գործընթացը մօտաւոր անցեալին բաւական հասունցած էր, սակայն երկրի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները՝ ընտրութիւնները, ահաբեկչական արարքները, բռնութեան մթնոլորտն ու պետական հարուածի ձախող փորձը, երկրէն ներս հաստատուած արտակարգ դրութիւնը եկած են յապաղեցնել այս գործընթացը։ Ուստի, Վէյսի Քայնաքի հետ տեղի ունեցած հանդիպումը եկած է վերակենդանացնել այս գործընթացը։ Աւելի քան երկու ժամ տեւած զրոյցին ընթացքին Ատնան Էրթէմ ընդգծած է, որ պէտք է ընդունուի համապատասխան օրէնք մը։ Ժողովականներուն ընդհանուր ակնկալութիւնը ընտրական նոր կանոնադրութեան մը ընդունման վրայ կը կեդրոնանայ, սակայն քննարկումներու կիզակէտին յայտնուեցաւ օրէնսդրական այս հաւանական նախաձեռնութիւնը։ Թորոս Ալճան մատնանշեց, որ սա պիտի ըլլայ շրջանակային օրէնք մը, որու շնորհիւ բոլոր համայնքները պիտի կարենան իրենց առանձնայատկութիւնները պահպանել։ Վէյսի Քայնաքի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէն առաջ եւ վերջ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները առանձին հանդիպումներ ունեցած են Ատնան Էրթէմի հետ։ Թորոս Ալճանի խօսքերով, Պետրոս Շիրինօղլու յստակօրէն ընդգծած է, որ թրքահայ համայնքը պատրաստ է ընտրութիւններուն ու որեւէ չկամութիւն խնդրոյ առարկայ չէ։ Վէյսի Քայնաք փափաք յայտնած է, որ նման օրէնք մը ընդունուի փութով։ Ան շեշտած է, որ առանց հաշուի առնելու փոխադարձութիւններ՝ պէտք է խորացնել ժողովրդավարութիւնը երկրէն ներս։ Վէյսի Քայնաք պահանջած է, որ իրեն ներկայացուի նախագիծ մը եւ ինք այդ մէկը պատրաստակամ է յղելու Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի նկատառման։
Թորոս Ալճան շեշտեց, թէ ներկայիս պետութեան մօտեցումը կը համընկնի նման օրէնքի մը ընդունման։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ձանձրացած է համայնքներու ներքին տարաձայնութիւններուն հետեւանքով դատավարութիւններու միջամուխ դառնալէ։ Հետեւաբար, նման օրէնքի մը համար ներկայիս սկսած է պատրաստութեան շրջան մը։
VADİP-ի ժողովին ընթացքին Թորոս Ալճան դիտել տուաւ, որ ներկայ պայմաններով գոյութիւն ունի երկու հիմնական հարցում։ Առաջինը՝ այս հաւանական օրէնքը ի՞նչ արագութեամբ պիտի ընդունուի։ Երկրորդը՝ որո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերապահուի այդ հիմնարար փաստաթուղթերը խմբագրելու իրաւունքը։ Կառավարութիւնը ներկայիս յարմար չի դատեր, որ երկրէն ներս հռչակուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ, օրէնքի համազօր որոշմնագրով մը ընդունուի այդ օրէնքը։ Իշխանութիւնները յարմար կը դատեն, որ խորհրդարանական ընթացիկ, բնականոն ընթացակարգով մը, լայնախարիսխ աջակցութեամբ ընդունուի նման օրէնք մը՝ մանաւանդ, որ Ազգային մեծ ժողովէն ներս ներկայացուած չորս կուսակցութիւններէն երեքի շարքերուն մէջ կը գտնուին հայազգի երեսփոխաններ։
Թորոս Ալճան ընդգծեց, որ սա մեծ աշխատանք մըն է եւ հաշուի պէտք է առնել նաեւ, թէ փոքրամասնական բոլոր հաւաքականութիւնները ունին իրենց ուրոյն սպասումները։ Ժողովի տեւողութեան ան զանազան առիթներով անդրադարձաւ այս նիւթին եւ ընդ-գըծեց, թէ նախատեսուած օրէնքը նեղ սահմաններու մէջ պիտի չմնայ։ Օրէնքը պիտի ցոլացնէ լայն մտահորիզոն մը, պիտի ունենայ շրջանագծային բնոյթ եւ հիմնական, կարեւոր մանրամասնութիւնը այն է, որ հիմնարար փաստաթուղթերը խմբագրելիք խումբը իր ուժը պէտք է առնէ ուղղակիօրէն այդ օրէնքէն։
VADİP-ի անցեալ ժողովին Թորոս Ալճան տեղեկացուցած էր, որ հրեայ համայնքը կը պատրաստուի հրատապ ընտրութեան ձեռնարկելու թոյլտուութիւն պահանջել՝ նոյնիսկ յօժարելով նախկին կանոնադրութեան։ Յամենայնդէպս, Վէյսի Քայնաք բացարձակապէս ժողովի ընթացքին չէ անդրադարձած կանոնադրութեան մը նիւթին։ Խօսակցութիւնները կեդրոնացան այս հաւանական օրէնքի ընդունման վրայ։ Տրուած խոստումները կը վերաբերին այս նիւթին։ Թորոս Ալճան ըսաւ, թէ ինք լաւատես է, որովհետեւ այս հիմնարար փաստաթուղթի իրաւունքը իրականութեան մէջ նախապէս կատարուած բարեփոխումներուն բաղդատմամբ աւելի մեծ քայլ մը չէ, այլ ընդհակառակն։ «Պետութեան հետ դատավարութեան մէջ մտնելը իմաստ մը չունի։ Մենք կապուած ենք մեր պետութեան եւ այս գործընթացը յառաջ պիտի տանինք խորհրդակցութիւններով», ըսաւ Թորոս Ալճան եւ հարցումի մը պատասխանելով աւելցուց, թէ մեր վաքըֆներու հաւանական հիմնարար փաստաթուղթերուն մէջ կարելի կրնայ ըլլալ նաեւ տեղ տալ Պատրիարքական Աթոռին։
Իր կարգին, Պետրոս Շիրինօղլուն ալ ըսաւ, թէ ժամանակի ընթացքին մեր ազգային սահմանադրութեամբ նախատեսուած դրութիւնը կրճատուած է։ Այսօր այդ սահմանադրութեամբ նախատեսուած դրութիւնը վերականգնել կարելի չէ։ Ատնան Էրթէմն ալ յայտնած է, որ գործը դուրս եկած է դիւանակալներէն եւ հասած՝ կառավարութեան իրաւասուներուն։ Իր կանխատեսումներով, ապագային աստիճանաբար VADİP կրնայ վերածուիլ պաշտօնական հարթակի մը, բայց Շիրինօղլուի տպաւորութեամբ ընտրութիւններուն հարցին վերջնական կարգաւորումը տակաւին ժամանակի կը կարօտի։
Այս բոլորին հիման վրայ յայտնի դարձաւ, որ Վէյսի Քայնաքի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը թէեւ ուրուագծած է առկայ հարցերու լուծման հորիզոն մը, սակայն կարելի չէ եղած ժամկէտի մը յստակեցումը։
Թրքահայ կեանք
- 02/27/2025
- 02/27/2025