ԱՐԹԻՒՐ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ԱՐԻ ԷՏԻՐՆԷԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան հիմնադրութեան 80-ամեակին ձօնուած յոբելենական ծրագրի շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հերթական համերգը։ Հարկ է նշել, որ այս համերգաշարը կ՚արժանանայ երաժշտասէր հասարակութեան անմիջական հետաքրքրութեան։ 80-ամեակի շրջանի համերգները տեղի կ՚ունենան Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյօղլու։

Մեր համայնքէն երկու համակրելի մեներգիչներ՝ Արթիւր Պաղտասարեան եւ Արի Էտիրնէ այս հերթական համերգի ընթացքին հանդէս եկան շատ յաջող կատարումներով՝ արժանանալով երաժշտասէրներու ծափողջոյններուն։ Անոնք իրենց կատարողական վարպետութեամբ իսկապէս կախարդեցին ունկնդիրները՝ մինչ համերգի ծրագրին մաս կազմեցին նաեւ Կոմիտասի եւ Ա. Այվազեանի նման հայ հեղինակներու գործեր։

Համերգէն վերջ Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան նախագահ Աթիլլա Թունա ջերմօրէն շնորհաւորեց երեկոյթին մասնակից արուեստագէտները։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024