ՌՈՊԷՐ ՔՈՓԹԱՇԻ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՎԷՊԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ

«İletişim» հրատարակչութենէն լոյս տեսած Ռոպէր Քոփթաշի «Unufak» վէպը այս շրջանին գրասէրներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանայ։ Ընթերցասէրներու վառ ուշադրութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ռոպէր Քոփթաշի գիրքին շնորհանդէսը։ Քոփթաշ, որ երկար տարիներ աշխատած է որպէս հրապարակագիր եւ խմբագիր, այժմ արդէն հեղինակած է վէպ մը, որով ուստի դարձած է նաեւ վիպագիր։ Իր առաջին վէպին առաջին ծանօթացման հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի «Մեֆիսթօ» գրախանութի երդիքին տակ, ուր համախմբուած գրասէրները ողջունեցին վիպագրութեան կալուածէն ներս իր մուտքը եւ հետեւեցան իր հետ զրոյցի։

Ձեռնարկի ընթացքին Ռոպէր Քոփթաշին հետ զրուցեց Սեւենկիւլ Սէօնմէզ, որ գիրքը խմբագրած ու հրատարակութեան պատրաստած է։ Քոփթաշ Սէօնմէզի հետ այս կենդանի հարցազրոյցը վարելէ վերջ պատասխանեց նաեւ ներկաններու հարցումներուն։ Հուսկ, Ռոպէր Քոփթաշ ներկաններուն համար մակագրեց իր վէպէն օրինակներ։

Շնորհանդէսի ընթացքին Քոփթաշ նշեց, թէ յառաջիկայ շրջանին ինչ որ ալ ընէ՝ կը փափաքի շարունակէ գիրք գրել, ուստի նոր գիրքերը, նոր վէպերը արդէն անակնկալ պէտք չէ համարուին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2024