ՊԱՐԶ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտարարեց, որ պատրիարքական ընտրութեան նիւթին շուրջ տակաւին պէտք է գրեն նամակը ու պէտք է սպասեն կառավարութեան պատասխանին։ Ան յիշեցուց, որ անցեալին ալ երկու անգամ պատկան իշխանութիւններուն ուղարկուած է նման նամակ մը, իսկ հիմա արդէն կը պատրաստուի երրորդը։ Tert.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ Ընդհանուր Փոխանորդը զարմանք յայտնեց, որ թէեւ տակաւին նոր պատրիարքի ընտրութեան մասին կառավարութեան ուղղուելիք նամակը գրուած չէ, սակայն կը քննարկուին ընտրութիւններն ու թեկնածուները։
Հռիփսիմէ Յովհաննիսեանի ստորագրութեամբ կայքէջին վրայ տեղ գտած հարցազրոյցին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձած է այն դիտարկման, թէ իշխանութիւններուն կողմէ ազդանշան մը ունեցած է՝ որպէսզի այս անգամ ընտրութեան դիմումին ընթացք տրուի։ Ի պատասխան ան ըսած է հետեւեալը. «Կրօնական ժողովին մէջ որոշուեցաւ, որպէսզի անգամ մը եւս դիմենք, պատրիարքը հան-գըստեան կոչենք եւ այդ վիճակին մէջ ուղարկենք դիմումը։ Մենք ալ, ժողովականներուն հետ համախոհ գտնուեցանք։ Հիմա համապատասխան նամակի պատրաստութիւնը ընթացքի մէջ է։ Պատկան իշխանութիւններուն պիտի յանձնենք։ Աւելի վերջ մեզի պիտի մնայ սպասել անոնց պատասխանին»։
Նորին Սրբազնութիւնը այս կէտին վրայ յիշեցուցած է նաեւ, թէ միայն պատրիարքական ընտրութիւնը չէ որ այսքան տարիէ ի վեր տեղի չէ ունեցած։ Տարիներէ ի վեր մեր միւս հաստատութիւններու ընտրութիւններն ալ առկախուած են։ «Ամէն ինչ պետութենէն կախուած է, մենք որեւէ մեկնաբանութիւն չենք կրնար ընել, ինչ որ ըսենք՝ սխալ կ՚ըլլայ», մատնանշեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Տեսակցութեան մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մեկնաբանած է նաեւ այն պնդումները, ըստ որոնց երկրի ղեկավարութիւնը պիտի միջամտէ պատրիարքական ընտրութիւններուն եւ ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի իրեն համար նախընտրելի թեկնածուն ընտրուի։ Այս կապակցութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըսած է հետեւեալը. «Ես նման բան չեմ կրնար ըսել, բայց պետութիւնը ընտրութեան արդիւնքները կը վաւերացնէ. ինչպէս օրինակ՝ Երուսաղէմի պարագային Յորդանանը, Պաղեստինը եւ Իսրայէլը կը վաւերացնեն։ Այստեղ ալ այս պետութիւնը կը վաւերացնէ»։
Միթէ մտահոգութիւն կա՞յ, որ չի վաւերացներ, եթէ իր նախընտրած թեկնածուն չընտրուի։ Այս կապակցութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը աւելցուցած է. «Ես ոչինչ կրնամ ըսել պետութեան կողմէ։ Կ՚ըսեմ, որ իրենք կը վաւերացնեն, ինչպէս Երուսաղէմի պարագային»։
Ընտրութեան հաւանական արդիւնքին վերաբերեալ հարցումի մը պատասխանելով՝ Ընդհանուր Փոխանորդը յայտնած է. «Աստուած գիտէ, թէ ո՛վ պիտի ընտրուի։ Ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ինք պիտի ընտրուի։ Համայնքի իւրաքանչիւր անդամ ունի իր նախընտրելի թեկնածուն։ Չենք կրնար ըսել, թէ ո՛ր թեկնածուի պարագային ո՛րքան է պաշտպանողներու կամ կողմնակիցներու թիւը։ Ամէն թեկնածու ունի իր կողմնակիցները։ Մինչեւ որ քուէները դուրս չգան սնտուկէն՝ չենք կրնար հասկնալ, թէ ո՛վ պիտի ընտրուի»։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին հարց տրուած է նաեւ, թէ շատերու կարծիքով ինքն է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն տեսակէտէ բաղձալի թեկնածուն եւ ի՞նչ կը մտածէ այս մասին։ Ան պատասխանած է ըստ հետեւեալի. «Ո՞վ ըսաւ, ի՞նչ հիման վրայ է։ Ամէն մարդ կրնայ ունենալ իր կարծիքը, ամէն մարդ բան մը կը մտածէ։ Գիտցած-չգիտցածի վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ կ՚ընէ։ Այդ բոլորի 90 տոկոսը սխալ է։ Տակաւին դիմումը չենք յանձնած, սակայն արդէն ընտրութիւններու մասին կը խօսուի։ Ո՞վ ըսաւ, որ պիտի ըլլան ընտրութիւններ, մենք տակաւին դիմում չենք ներկայացուցած, տակաւին կառավարութեան պատասխանին պէտք է սպասենք»։
Ընդհանուր Փոխանորդին մեկնաբանութիւնը հարցուած է նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի ուղարկած նամակին, ստեղծած արձագանգներուն եւ այդ նամակին բերումով ստեղծուած տպաւորութեան, թէ ինք իշխանութիւններուն մօտ կը համարուի։ Ի պատասխան ան ըսած է հետեւեալը. «Ես նամակը կը գրեմ, ինչպէս ինձմէ առաջուան պատրիարքներն ալ գրած են։ Սա մեր պարտականութիւնն է։ Այս Աթոռի գահակալին պարտականութիւնն է։ Մեսրոպ Պատրիարքն ալ գրած էր Ֆրանսա, գրած էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պուշին։ Երթանք մինչեւ Շնորհք Պատրիարքի շրջանը, բոլորն ալ գրած են։ Սա իմ ծառայողական պարտականութիւնն է։ Տարբեր հարց, որ նամակի բովանդակութեան հաւանութիւն կու տան, թէ ոչ, բայց ես ունիմ իմ համայնքիս շահերը պաշտպանելու պարտականութիւնը։ Ով որ նստի այս Աթոռին վրայ, պարտաւոր է պաշտպանել համայնքին շահը։ Եթէ երկրին դէմ խօսիս, երկիրը չի հասկնար քու պահանջներդ։ Նման բան որեւէ երկրի մէջ չի կրնար ըլլալ։ Դուք կ՚ապրիք Հայաստանի մէջ։ Եթէ երկրին դէմ խօսիք, յետոյ ալ բան մը խնդրէք, ընթացք կու տա՞ն. չեն տար»։