Կիրակի 22, Յունիս 2025
ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԶԱՐԴԱՐԵՑԻՆ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՍՈՒՐԲ ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԾԱՌԸ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ զարդարուեցաւ Կաղանդի տօնածառը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ եկեղեցի այցելեցին թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։ Տղոց հետ էին տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ խումբ մը ուսուցիչներ։ Բոլորը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի կողմէ, որ տղոց բացատրութիւններ տուաւ մօտալուտ տօներուն եւ տօնածառի աւանդութեան շուրջ։
Աւելի վերջ տղաքը զարդարեցին եկեղեցւոյ այս տարուան տօնածառը եւ ստացան տէր հօր օրհնութիւնը։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022