ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կը տեղեկանանք, որ վերջերս Մոնրէալ այցելած է բանասէր եւ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ըստ «Հորիզոն» թերթի հաղորդումներուն, Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան երդիքին տակ իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է գիրքի շնորհանդէս մը։ Այսպէս, Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ կազմուած եւ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած «Կապոյտ երազ» գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթը արժանացած է տեղւոյն գրասէրներու ուշադրութեան։

Մոնրէալի Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբին եւ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի գրական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը։ Գանատայի շրջանակները մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ դարձուցին ձեռնարկը, որու ընթացքին ընթերցուեցան նաեւ «Կապոյտ երազ»ին մէջ ներառուած գրութիւններէն նմոյշներ։

Սեւան Տէյիրմենճեան գիրքը ներկայացուց, նաեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Անշուշտ, հարցում-պատասխանի բաժինը առիթ հանդիսացաւ, որ արծարծուին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի զանազան երեսակները՝ մասնաւորապէս կրթական համակարգին կտրուածքով։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 15, 2024