ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական խրախճանքը վերջին օրերուն առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի այս խրախճանքը, հետեւաբար ունի խոր աւանդութիւններ ու ձեւաւոր-ւած նախընթացներ։ Մօտաւորապէս շաբաթ մը տեւեցին մրցումները, որոնք կազմակերպուած էին միջնակարգերու եւ լիսէներու մակարդակին վրայ։ Նախընթաց օր, Մխիթարեանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգերու մրցանակաբաշխութիւնը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան։
Միջնակարգերու գծով վոլէյպոլի առաջինը հանդիսացաւ Եշիլգիւղի վարժարանը, որուն յաջորդեցին Մխիթարեան եւ Էսաեան։
Պասքէթպոլի մէջ ալ ախոյեան եղան եշիլգիւղցիները, որոնց հետեւեան Թարգմանչաց եւ Մէրամէթճեան։ Դափնեկիրները պարգեւներ ստացան հիւրընկալ վարժարանի պատասխանատուներուն ձեռամբ։
Յառաջիկային նախատեսուած է նաեւ լիսէներու մրցանակաբաշխութիւնը։