183-ՐԴ ՈՍԿԷ ՕՂԱԿԸ…

Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հիմ­նադ­րու­թեան 183-րդ տա­րե­դար­ձը ե­րէկ բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ նշուե­ցաւ մեր հա­մայն­քէն ներս։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս Համ­բարձ­ման տօ­նին օ­րը հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցաւ Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի վրայ։ Հպար­տու­թեան զգա­ցում­նե­րով եւ յա­րա­տե­ւու­թեան մաղ­թան­քով Գթու­թեան յար­կի տա­րեգ­րու­թեանց մէջ թեր­թուե­ցաւ էջ մը եւս։ Մեր այս պան­ծա­լի հաս­տա­տու­թեան եր­թը խորհր­դան­շող ոս­կէ շղթա­յին վրայ ա­ւել­ցաւ օ­ղակ մը եւս՝ վե­րել­քի իր փայ­լուն ըն­թաց­քին զու­գա­հեռ։

Համ­բարձ­ման տօ­նին եւ հի­ւան­դա­նո­ցի տա­րե­դար­ձին առ­թիւ ե­րէ­կուան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, մեր բո­լոր վե­ղա­րա­ւոր հայ­րերն ու բազ­մա­թիւ քա­հա­նայ հայ­րեր։ Ս. Փրկիչ մատ­րան մէջ ա­ռա­ւօ­տուն մա­տու­ցուած Ս. Պա­տա­րա­գէն վերջ, յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րուն յա­ջոր­դեց բա­ցօ­թեայ հան­դի­սա­ւոր Ան­դաս­տա­նը։ Ո­գե­կո­չուե­ցան նաեւ Կիւլ­պէն­կեան բա­րե­յի­շա­տակ գեր­դաս­տա­նի ան­դամ­նե­րը՝ հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս գտնուող ի­րենց շիր­մին մօտ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր հի­ւան­դա­նո­ցի պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ Համ­բարձ­ման ա­ւան­դա­կան սե­ղա­նը։ Աշ­խար­հիկ հա­ւա­քոյ­թին եւս հան­դի­սա­պե­տեց Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ գլխա­ւո­րուած հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցին տա­րե­դար­ձի մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին հի­ւան­դա­նո­ցի բա­րե­րար­նե­րը, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, հա­մայն­քա­յին մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ, հիւ­րեր, նաեւ մնա­յուն բնա­կիչ­նե­րը։ Ներ­կա­նե­րու կար­գին էին նաեւ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան, ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, ինչ­պէս նաեւ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու­ներ՝ Սե­լի­նա Տո­ղան եւ Կա­րա­պետ Փայ­լան։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, որ խօ­սե­ցաւ հի­ւան­դա­նո­ցի ար­ձա­նագ­րած վե­րել­քին եւ հա­սած մա­կար­դա­կին վրայ։ Ան խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Կա­պոյտ հրեշ­տակ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ստի­պո­ղա­բար կը կա­սե­ցուի, քա­նի որ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու կար­գադ­րու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տուի ա­նոնց ար­հես­տա­վարժ­նե­րու կող­մէ փո­խա­րի­նու­մը։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ հո­գա­բար­ձու­թեան միւս ան­դամ­նե­րը մի առ մի յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նե­ցին Կա­պոյտ հրեշ­տակ­նե­րուն, ո­րոնք ան­խոնջ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած են տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր։ Իր ե­լոյ­թին մէջ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հու­դէն հրա­ժա­րե­լուն։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ Ա­րէտ-Մո­նիք Եր­կա­նեան բա­րե­րար ա­մո­լը կը շա­րու­նա­կէ իր զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել մեր բա­րեն­պա­տակ հաս­տա­տու­թիւ­նե­րը։

Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուէն վերջ Կա­պոյտ հրեշ­տակ­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Յաս­միկ Ծա­տուր, որ եւս ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հո­գա­բար­ձու­թեան կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիին եւ խրա­խու­սան­քին հա­մար։

Վա­հան Յա­կո­բեա­նի գոր­ծադ­րած ե­րաժշ­տա­կան յայ­տագ­րով սի­րոյ սե­ղա­նի տե­ւո­ղու­թեան ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան զրոյց ու­նե­ցան ի­րա­րու մի­ջեւ։ Համ­բարձ­ման սե­ղա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քին ա­ռար­կայ դար­ձաւ նաեւ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան, ո­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ժամ­կէ­տը հա­սած է իր ա­ւար­տին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ ի­րեն յանձ­նուե­ցաւ յու­շա­նուէր մը։ Իր խօս­քին մէջ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նախ նշեց, թէ Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցը պան­ծա­լի հաս­տա­տու­թիւն մըն է մեր հա­մայն­քին հա­մար։ Ան յար­գան­քով վեր­յի­շեց հիմ­նա­դիր Յա­րու­թիւն ա­մի­րա Պէզ­ճեա­նը եւ անց­նող եր­կար ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հաս­տա­տու­թեան վե­րել­քին հա­մար աշ­խա­տող­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեա­նի ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Համ­բարձ­ման սե­ղա­նը ա­ւար­տին հա­սաւ միա­բե­րան ար­տա­սա­նուած Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2015