ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ
28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովին մէջ պաշտօն պիտի կատարէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հայազգի քաղաքացի մը՝ տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու, որ յաջողեցաւ երեսփոխան ընտրուիլ երէկուան ընտրութիւններուն արդիւնքով։ Ան մաս պիտի կազմէ ԱՔ կուսակցութեան շարքերուն։ Նկատի ունենալով, որ ԱՔ կուսակցութեան գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքը խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ապահոված է՝ Սեւան Սվաճըօղլու յառաջիկայ շրջանին պիտի համալրէ իշխանական ճամբարի շարքերը։
Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի 9-րդ հորիզոնականէն։ Նոր խորհրդարանին մէջ ան ընդհանրապէս փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն մասնակից միակ երեսփոխանը պիտի ըլլայ։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Սեւան Սվաճըօղլուն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն։