ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻՆ

Սե­բաս­տա­հա­յոց Հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ժա­նա­ցաւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Գուր­թու­լու­շի մէջ շէն­քի մը մուտ­քին հաս­տա­տուած է միու­թեան նոր հա­ւա­քա­տե­ղին, ո­րու պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ժա­մա­նակ ստեղ­ծուե­ցաւ բարձր տրա­մադ­րու­թիւն։ Սե­բաս­տա­հա­յոց եւ բա­րե­կամ­նե­րու միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Սե­պուհ Քո­չաք եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հան­դի­սու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը։ Ծա­փող­ջոյն­նե­րու ներ­քեւ հա­տուե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը։ Ըն­դու­նե­լու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ նա­խա­տե­սուած էր միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին բա­ցու­մը, ո­րուն զու­գա­հեռ բա­ցուե­ցաւ նաեւ «100-րդ տա­րե­լից, 100 լու­սանկար» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու պատ­րաստու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուած էին Զա­քա­րիա Միլ­տա­նօղ­լուի եւ միու­թիւն յա­ճա­խող ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կող­մէ։

Ա­տե­նա­պետ Սե­պուհ Քո­չաք հան­դէս ե­կաւ ե­լոյ­թով մը, ո­րու ըն­թաց­քին խոր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց նպաս­տը բե­րած էին հա­ւա­քա­տե­ղիի գո­յաց­ման։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց, թէ Սե­բաս­տիոյ մէջ այ­սօր կ՚ապ­րի քսան հայ ըն­տա­նիք եւ այն­տեղ կը գտնուի նաեւ գե­րեզ­մա­նա­տուն մը։ Քո­չաք հա­կիրճ ակ­նար­կեց նաեւ քա­ղա­քի պատ­մա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն մէ­կուն վե­րա­դարձ­ման ուղ­ղուած ջան­քե­րու ըն­թաց­քին։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ար­տա­յայ­տուե­ցան օ­րուան հիւ­րե­րէն հրա­պա­րա­կա­գիր Թուր­հան Ալ­քան, սե­բաս­տա­ցի գոր­ծա­րար Հիւ­սէ­յին Եըլ­տը­րըմ, ճար­տա­րա­պետ Նա­զար Պի­նաթ­լը, հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ այլ հիւ­րեր։

Հան­դի­սու­թեան տե­ւո­ղու­թեան մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծուե­ցաւ յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի կող­մէ Սե­բաս­տա­ցի­նե­րու միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիի հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ բե­րուած ան­փո­խա­րի­նե­լի նպաս­տը։ Ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ընդգ­ծուե­ցաւ նաեւ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լուի եւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան։

Սե­բաս­տա­ցի­նե­րու միու­թեան վար­չա­յին­նե­րը նշե­ցին, թէ յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան թափ պի­տի ստա­նան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րը նոր հա­ւա­քա­տե­ղիի եր­դի­քին տակ։

Միւս կող­մէ, հարկ է նշել, որ այս տա­րի դէ­պի Սե­բաս­տիա նա­խա­տե­սուած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ս. Աս­տուա­ծած­նի շրջա­նին։

Երկուշաբթի, Յունիս 15, 2015