ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԱՐԱԼ»Ի ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի վարիչները։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ տարեմուտին «Մարալ»ի ելոյթը նախատեսուած է «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնի բեմին վրայ։ Համոյթը երկար ժամականէ ի վեր բծախնդիր աշխատանքով կը պատրաստուի այս ելոյթին՝ պարուսոյցներ Կարպիս եւ Իրիս Չափքաններու մականին ներքեւ։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ ստացաւ համոյթի կողմէ տարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։

Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ տարեմուտին նման մեծ ծրագիր մը կեանքի պիտի կոչուի թրքահայ մշակութային կեանքէն ներս։ Ուստի, ան օրհնեց համոյթին կողմէ կատարուած աշխատանքը եւ յղեց բարեմաղթութիւններ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024