ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՍՊԱՆԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Սպանիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։ «Պարսելօ Իսթանպուլ» պանդոկի սրահներուն մէջ սարքուեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որ համախմբեց դիւանագիտական, դիւանակալական, քաղաքական, մտաւորական, գեղարուեստի, գործարար շրջանակներէ դէմքեր, ինչպէս նաեւ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններէն ներկայացուցիչներ։ Ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ Անգարայի մօտ Սպանիոյ դեսպան Քրիստինա Լաթորէ Սանչոյի եւ Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Անա Մարիա Մենենտեզ Փերեզի կողմէ։ Նորին Ամենապատուութիւնը մեր համայնքին անունով շնորհաւորութիւններ յղեց Սպանիոյ Ազգային տօնին կապակցութեամբ։
Ընդունելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան: