ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ

Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերներէն Էֆրիմ Տեմիրճին եւ Կիւլպենկ Չաքարը։ Անոնց միացած էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Թոփլաճը Շիրինօղլու եւ տնօրէնուհի Քլոտիա Ալթըփարմաք Տեմիր։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի յայտնեցին, թէ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ փափաքած էին խմբագրատունս այցելել՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։ Գունգաբուի թաղային խորհուրդը այս տարի եւս մեծ ջանքեր կը գործադրէ՝ Պէզճեան Մայր վարժարանի գործունէութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու առաջադրութիւնը։ Արդարեւ, այս տարուան պիւտճէն հաւասարակշռելու աշխատանքները կը զուգորդուին՝ թաղային խորհուրդին կողմէ դիմագրաւուած այլ կալուածական խնդիրներով, որոնք դատական իշխանութիւններուն փոխանցուած են։

Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները զրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեցին, թէ թաղային խորհուրդը վճռակամութեամբ հետամուտ է օրինական գետնի վրայ եկեղեցապատկան կալուածները արժեւորելու եւ տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ համայնքային շրջանակներուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի Գումգաբուի ընտանիքը հերթական անգամ դառնայ զօրակցութեան առարկայ։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ միեւնոյն ժամանակ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է։ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ թաղականները Պատրիարքարան այցելեցին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեցին Գումգաբուի ընտանիքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան՝ մանաւանդ Պէզճեան Մայր վարժարանի կացութեան շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին կայուածական խնդիրներու շուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին գնահատեց թաղականներուն կողմէ գործադրուած ջանքերը, օրհնեց անոնց աշխատանքը եւ բարեմաղթանքներ յղեց սիրոյ սեղանին ընդառաջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2024