«ՓՈՔՐԻԿ» ԿԱՅՔԷՋԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
«Փոքրիկ» հէքեաթներու կայքէջը վերջին շրջանին ուշադրութիւն յառաջացուցած է մեր նախակրթարաններու սաներու շրջանակներէն ներս։ Կայքէջի բովանդակութիւնը ճոխ է, հետեւաբար նոյնիսկ մինչեւ միջնակարգի Է. դասարանի աշակերտները կրնան իրենց հետաքրքրութիւնը յագեցնել անոր միջոցաւ։
«Փոքրիկ»ի նկատմամբ ստեղծուած այս հետաքրքրութեան մթնոլորտին մէջ՝ կայքէջի պատասխանատուները աշխատանք կը տանին, որպէսզի մշտական կապ մը հաստատուի կայքէջին ու մեր վարժարաններու աշակերտներուն միջեւ։ Այս նպտակով կայքէջի պատասխանատուները վերջերս շարք մը այցելութիւններ տուին՝ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը, Էսաեան վարժարան, Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը, Պէզճեան Մայր վարժարան, Մխիթարեան վարժարան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանը։ «Փոքրիկ»ի ընդհանուր համակարգող Սելմա Մելեքեանի առընթեր այս այցելութիւններուն մասնակցեցան՝ Պերճուհի Պէրպէրեան, Պօղոս Չալկըճըօղլու, Գարօլին Մամիկոնեան, Թալին Կարիպկիւն, որոնք բոլորն ալ կը մասնակցին «Փոքրիկ»ի բովանդակութեան ստեղծագործման աշխատանքներուն։ Մինչեւ տարեվերջ այցելութիւններ նախատեսուած են նաեւ Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Եշիլգիւղի վարժարանները։ Յառաջիկայ տարի ալ այցելութիւններու ծրագիրը պիտի շարունակուի՝ մեր բոլոր համայնքային վարժարանները ընդգրկելիք ձեւով։
«Փոքրիկ»ի ներկայացուցիչները դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն հետ զրուցեցին կայքէջի գործածութեան, բովանդակութեան եւ բաժիններուն մասին։ Իւրաքանչիւր դպրոցի մէջ պաստառի վրայ անոնք աշակերտներուն հետ ուղեւորութիւն մը իրականացուցին «Փոքրիկ»ի հէքեաթներու աշխարհէն ներս։ Տղաքը ականատես եղան նաեւ կայքէջի արտադրութեան քանի մը հնարաւոր փուլերուն՝ այսպէսով տարրական պատկերացում մը կազմելով նաեւ իրենց համար պատրաստուած այս կայքէջի ենթակառուցուածքային փուլերուն մասին։
Թրքահայ կեանք
- 02/28/2025
- 02/28/2025
- 02/28/2025