ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԴԱՏԱՎՃԻՌ
Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփանակութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանը արձակեց պատմական վճիռ մը։ Այսպէս, բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ սեփականութեան իրաւունքի խախտում տեղի ունեցած է։ Պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած այս վճիռը արդէն ստեղծած է շատ լայն արձագանգ։ Տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ արձագանգած են այս կարեւոր իրադարձութեան՝ շեշտելով 92 տարի վերջ արձակուած այս դատավճռին մեծ նշանակութիւնը։ Պատմականօրէն Սանասարեան խանի սեփանակութեան իրաւունքը պատկանած է Պատրիարքական Աթոռին։ Կտակարարի կամքը եղած էր, որ ան տնօրինուի անձամբ օրուան գահակալին կամ տեղապահին կողմէ։
Դատավճռի արձակումէն վերջ, Պատրիարքարանի Դիւանն ալ երէկ այս կապակցութեամբ պաշտօնական լուսաբանութիւնով մը հանդէս եկաւ։ Գումգաբուի աղբիւրները շեշտեցին, որ Պատրիարքական Աթոռի խնամակալութեան ներքեւ կը գործէր Սանասարեան հիմնարկը (վաքըֆ), որուն ալ կը պատկանէր Սանասարեան խանը։ Պաշտօնաթերթի երէկուան հերթական թիւին մէջ (14 դեկտեմբեր 2022 թուական 32043 համար) հրապարակուած է Սահմանադրական ատեանի 3 նոյեմբեր 2022 թուակիր որոշումը։ Պատրիարքական Աթոռը այս կարեւոր դատավճռին կապակցութեամբ պատմական հենքով իրադարձութիւնները թարմացուցած է հանրային կարծիքի մտքին մէջ եւ մատնանշած՝ գործընթացի շարունակութեան վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Այսպէս, Սանասարեան հիմնարկը հաստատուած է՝ բարեյիշատակ Մկրտիչ աղա Սանասարեանի կողմէ։ Նպատակը եղած է հայ աղքատ տղոց կրթութեան, ուսման, բնակութեան եւ սնունդի կարիքներու դիմագրաւումը։ Ըստ կտակարարի կամքին, 10 հոկտեմբեր 1901 թուականին դատական որոշումով պաշտօնապէս արձանագրուած է այս հիմնարկին պայմանագիրը՝ կտակարարի վերոյիշեալ կամքն ու տրամադրութիւնները ամրագրելով։
Սոյն նպատակը կեանքի կոչելու համար բարեյիշատակ կտակարարը գնած է Սանասարեան խանը։ Նուիրատուն հիմնարկին համար միակ հոգաբարձու եւ միակ իրաւապահ նշանակած է Պատրիարքական Աթոռին օրուան գահակալը կամ տեղապահը։ Ժամանակներու հոլովոյթին մէջ՝ մանաւանդ վարչութեան յետագայ գործառոյթներուն հետեւանքով, 1936 թուականին Սանասարեան հիմնարկը յայտարարուած է որպէս գրաւեալ հիմնարկ (mazbut vakıf)։ Որպէս պատճառաբանութիւն՝ նշուած է, որ ան չունի բարեգործական առումով գործնական նպատակ։ 1952 թուականին ալ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը առնուած է Պատրիարքական Աթոռէն։
Երկար տասնամեակներու սպասումէն վերջ, Պատրիարքական Աթոռը 2011 թուականին խանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնելու պահանջով իրաւական նոր նախաձեռնութիւն մը կատարած է։ Այս գործընթացը յառաջ տարուած է իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի վերահսկողութեան ներքեւ։ Հիմնական իրաւական ատեանին մօտ դատ բացուած է՝ Սանասարեան խանի կալուածաթուղթի ջնջման գործառոյթին դէմ։ Տարիներ տեւած դատավարութեան ամբողջին մէջ թէ՛ առաջին ատեանը եւ թէ Վճռաբեկ ատեանը մերժած են այս դատը։ 2019 թուականին՝ որպէս վերջին միջոց, որպէս իրաւունքի ներքին ճանապարհներու եզրափակիչ փուլ Պատրիարքական Աթոռը դիմած է Սահմանադրական ատեան։
Բարձրագոյն դատարանի քննարկումներն ալ տեւած են բաւական երկար, ի վերջոյ արձակուած է՝ պաշտօնաթերթին մէջ երէկ պաշտօնապէս հրապարակուած դատավճիռը։ Այսպէս, բարձրագոյն դատարանը յանգած է այն համոզման, թէ Սանասարեան հիմնարկը կարելի չէ դասել գրաւեալներու շարքին, արձանագրուած է, որ անոր ներկայացուցիչն է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը եւ խանը իբր այդ կը պատկանի Պատրիարքարանին։ Բարձրագոյն դատարանի այս դրական եւ իսկապէս պատմական վճռին կապակցութեամբ Պատրիարքական Աթոռը հրապարակաւ յայտնած է իր գոհունակութիւնը՝ դատավճիռը որակելով խղճամիտ եւ արդար։
Սահմանադրական ատեանի այս վճռին զուգահեռ՝ յառաջիկային պիտի սկսի վերադատավարութեան գործընթաց մը։ Պատրիարքական Աթոռի սեփականութեան իրաւունքը վերահաստատելու համար պիտի բարձրացուի առկայ սահմանազանցութեան հանգամանքը։ Այս գործընթացը եւս, բնականաբար, կ՚ենթադրէ որոշ ժամանակ մը, սակայն, Սահմանադրական ատեանի դատավճիռը ամուր գետին մը կը ստեղծէ, որու հիման վրայ կարելի է շատ աւելի լրջօրէն յուսադրուիլ նպատակին հասնելու համար։ Այսինքն, վերադատավարութեան գործընթացին նպատակը պիտի ըլլայ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաարձանագրել Պատրիարքական Աթոռին անունով եւ ունենալ համապատասխան կալուածաթուղթը։
Պատրիարքական Աթոռի երէկուան պաշտօնական լուսաբանութեան մէջ շեշտուած է, որ յառաջիկայ դատական գործընթացը եւս ուշադրութեամբ պիտի հետապնդուի՝ միշտ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի վերահսկողութեան ներքեւ։