Երկուշաբթի 24, Փետրուար 2025
ՍԻՊԻԼ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ԻՐԱՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեներգչուհի Սիպիլ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Իրան։ Թեհրանի Հայոց Թեմական խորհուրդի հրաւէրով՝ իր ուղեւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս ամսավերջին։ 24 եւ 29 Ապրիլին ան պիտի երգէ Թեհրանի, իսկ 26 Ապրիլին՝ Սպահանի մէջ։ 24 Ապրիլի համերգը ձօնուած պիտի ըլլայ Եղեռնի նահատակներուն։
Սիպիլի Թեհրանի համերգները նախատեսուած են «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահին մէջ։
Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016