ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ անգ­լե­րէն թատ­րո­նի խրախ­ճանք մը։ Ին­նե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս ծրա­գի­րը, ո­րուն շրջագ­ծով Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի, Գալ­ֆաեան Տան, Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի եւ հիւ­րըն­կալ Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի թա­տե­րա­խում­բե­րը հան­դէս ե­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։ Բուն ծրագ­րին զու­գա­հեռ պար­տէ­զին մէջ զե­տե­ղուած տա­ղա­ւար­նե­րէն անգ­լե­րէ­նով գնում­ներ ալ ը­րին խրախ­ճան­քի մաս­նա­կից տղա­քը։

Թա­տե­րա­կան ծրագ­րին ա­ռըն­թեր, խրախ­ճան­քի մաս­նա­կից­նե­րը այ­ցե­լե­ցին թա­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին, ուր Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան ջերմ վե­րա­բեր­մուն­քով ող­ջու­նեց բո­լո­րը։ Հայր Սուր­բը, որ հե­տե­ւած էր նաեւ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն, կա­րե­ւո­րեց օ­տար լե­զու­նե­րու ի­մա­ցու­թիւ­նը ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ շեշ­տեց, թէ պէտք չէ մոռ­նան նաեւ մեր մայ­րե­նին։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015