ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆԸ
Մխիթարեան վարժարանին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջլիսէական մարզական խրախճանքի մրցանակաբաշխութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մեր լիսէներու խումբերը վոլէյպոլի եւ պասքեթպոլի հանդիպումներու արդիւնքին մրցանակի արժանացան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Հանդիսութեան բացման փուլը տեղի ունեցաւ վարժարանի սրահին մէջ, ուր աշակերտներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի տնօրէնուհիներէն Եւա Օրագեան եւ Քաթիա Վարկը, ինչպէս նաեւ համայնքային լիսէներու ներկայացուցիչ մարզանքի ուսուցիչները։
Խրախճանքի արդիւնքին վոլէյպոլի մէջ առաջին հորիզոնականը զբաղեցուց Կեդրոնական, որուն յաջորդեցին Սահակեան-Նունեան եւ Մխիթարեան։ Պասքեթպոլի մէջ յառաջատար դարձաւ Սահակեան-Նունեան, որուն յաջորդեցին Էսաեան եւ Մխիթարեան։
Պարգեւատրման հանդիսութեան աւարտին բոլորը զիրար շնորհաւորելով շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալ վարժարանին։
Յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ մարզանքի ուսուցիչներուն։