ԵՒՐՈՊԱՑԻ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին այցելեց Եւրոպայէն ուխտաւորներու բազմանդամ խումբ մը։ Եւրոպացի այս ուխտաւորները կը պատկանէին «Կեանքի կանչ» համայնք-միաբանութեան։ Սա թէեւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներէ բաղկացեալ, սակայն բազմակրօն ու բազմադաւան հաւատացեալներու հաւաքականութիւն մըն է, որ տասնամեակներէ ի վեր ուխտագնացութիւններ կը կազմակերպէ դէպի աշխարհի զանազան երկիրները։ «Կեանքի կանչ»ի առանձնայատկութիւնը այն է, որ ուխտաւորները ուր որ այցելեն, կ՚աղօթեն տեղւոյն եւ շրջանի խաղաղութեան համար։ Այս տարի սոյն ուխտագնացութիւնը որոշուած էր կազմակերպել դէպի Թուրքիա։ Ուխտաւորները փափաքած էին ծանօթանալ երկրի՝ համաքրիստոնէական ժառանգութեան մաս կազմող սրբավայրերուն։ Անոնք յատկապէս փափաքած էին նաեւ Իսթանպուլի մէջ այցելել հայկական եկեղեցի մը։ Ուխտաւորները, որոնք կիրակի երեկոյեան ժամանեցին Թուրքիա, ըստ ուխտագնացութեան ծրագրին, իրենց առաջին օրը անցուցին Իսթանպուլի մէջ, ուրկէ ալ կ՚ուղեւորուին դէպի Անատոլու։ Իրենց ճամբորդութիւնը կազմակերպուած է «Փաշաթուր» նշանաւոր զբօսաշրջական կազմակերպութեան կողմէ։
Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, այս ուխտաւորներու խումբը երէկ հիւրընկալուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Եւրոպացի հոծ թիւով ուխտաւորները ընդունուեցան Աթոռի աւագ միաբան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ, որու կողքին էին Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան եւ Արմենակ Սրկ. Գազանճեան։ Նորին սրբազնութիւնը եւրոպացի ուխտաւորներուն անգլերէնով մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ առաքելութեան, Պոլսոյ Պատրիարքական Նուիրապետական Աթոռի անցեալին ու գործունէութեան, այսօրուան դերակատարութեան, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ամբողջէն ներս մեր համայնքի դիրքին եւ այլ կրօնաբարոյական, դաւանական կամ վարդապետական հարցերու շուրջ։ Ան սպառիչ մանրամասնութիւններով յագեցուց հիւր ուխտաւորներու հետաքրքրութիւնը։ Ուխտաւորներու այցելութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան։
Անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտին մէջ անցած հարցում-պատասխանէն վերջ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն։ Ուխտաւորներն ալ ֆրանսերէն շարականներ երգեցին։ Անոնք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանէն խնդրեցին, որ իրենց տայ իր օրհնութիւնը։ Նորին սրբազնութիւնը արձակման աղօթքով օրհնեց բոլորը՝ մինչ որոշ ուխտաւորներ ալ մեկնելէ առաջ մօտեցան իրեն եւ խնդրեցին, որ աղօթէ իրենց վրայ։
Բոլորը ունեցան վառ տպաւորութիւններ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն հրաժեշտ առնելէ առաջ նկարահանուեցան՝ որպէս յիշատակ այս յատկանշական այցելութեան։ Ուխտաւորները կը կրէին «Կեանքի կանչ»ի փոքրիկ դրօշակներով ձողեր եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ բանուած էր նոյնպէս փոքր դրօշը այն երկիրներուն, ուրկէ կու գային իրենք։