ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄԸ
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբի նոր եղանակի աշխատանքները սկսան ընթրիքով մը։ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս ընթրիքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ հաճելի մթնոլորտ։ Անդամները բարձր տրամադրութեան մէջ էին՝ զիրար վերագտած ըլլալու բերումով։ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեան եւս մասնակցութիւն բերաւ այս հաւաքոյթին եւ իր ելոյթով խրախուսեց երգչախումբին գործունէութիւնը։ Ան նշեց, որ թաղային խորհուրդը ունի ամուր վարչական կամք երգչախումբի գործունէութեան սատար հանդիսանալու համար։
Դպրապետ Արման Մարաշլեանի գլխաւորութեամբ երգչախումբի անդամները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ յառաջիկայ գործունէութիւնը արդիւնաւէտ կառավարելու շուրջ։ Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Մկըր Նառլը եւ խմբավար Էտվին Կալիպօղլուն ալ այս կարծիքի փոխանակումներուն աշխոյժ մասնակցութիւն բերին, նաեւ լսեցին անդամներուն մօտեցումները։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Նարեկացի դպրաց դաս-երգչախումբին։