ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՍՏԱՑԱՆ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճըն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Թաղականները ընտրութենէն վերջ իրենց պաշտօնական վաւերացումը ապահոված ըլլալով՝ Գումգաբու փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու համար։ Զրոյցի ընթացքին անոնք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պաշտօնապէս հրաւիրեցին նախագահելու եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն եւ բեղմնաւոր ծառայութեան շրջան մաղթեց թաղային խորհուրդի անդամներուն։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022