Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ ՆԵՐԿԱՆ…
Յայտնի նկարիչ Գրիգոր Սահակօղլու ներկայիս կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որու բացումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան՝ Պէյօղլուի «Yapı Kredi» գեղարուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ «Ներկան նկարագրել» անուանեալ այս ծրագրին ան մասնակցութիւն կը բերէ երեք ստեղծագործութիւնով։ Ցուցահանդէսի քիւրաթէօրներն են՝ Պուրճու Չիմէն եւ Տիտէմ Եազըճը։ Վաղը կէսօրուան ժամերուն նախատեսուած է այս ցուցահանդէսին ասուլիսը։
Գեղարուեստասէրները պիտի կարողանան ցուցահանդէսը շրջիլ մինչեւ 11 օգոստոս։
Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024