ՎԱՂԸ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան գործընթացէն ներս վաղը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ընտրութիւնը։ Սպիտակ եւ Կապոյտ ցուցակները ընտրապայքարի մէջ են այս մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար։

Մխիթարեանի ընտրութեան պարագային նախընտրական շրջանին ստեղծուած մթնոլորտը բաւական պղտոր էր։ Մէկ կողմէ կը տրամադրուէին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենային միայն հայ կաթողիկէ հասարակութեան անդամները, միւս կողմէ կը հրապարակուէին նաեւ տուեալներ, ըստ որոնց հայ առաքելական համայնքի ներկայացուցիչները եւս իրաւունք պիտի ունենային մասնակցելու վաղուան քուէարկութեան։ Մոլորութիւնը կը խորանայ այն պատճառով, որ երկու վարկածի պարագային ալ ցոյց կը տրուէին պաշտօնական հիմնաւորումներ։ Հուսկ, մետասաներորդ պահուն պատկան իշխանութիւններէն հասած վերջին պաշտօնաթուղթով կացութիւնը բիւրեղացած է եւ միայն հայ կաթողիկէ հասարակութեան անդամները իրաւունք պիտի ունենան քուէարկելու։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17, 2022