ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմն ու անդամուհի Պերրին Տայանը։ Հիւրերուն հետ էր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց երէց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, թաղականները տեղեկութիւններ տուին Պէյօղլուէն կատարուած ընկերային օժանդակութիւններուն շուրջ եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին՝ նախագահելու յառաջիկայ Հոգեգալստեան տօնին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին։ Թաղականները հրաժեշտ առին՝ ստանալով Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2022