ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչայիններէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թորամանը։ Թրքահայ ուսուցչաց միութիւնը այս տարի եւս ձեռնարկած է՝ կրթական մշակներու աւանդական հաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս հաւաքը կը համախմբէ հանգստեան կոչուած կրթական մշակները։ Միութեան վարչայինները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ հրաւիրեցին այս ծրագրի իր մասնակցութիւնը բերելու։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց ուսուցչաց միութեան գործունէութիւնը՝ մանաւանդ հանգստեան կոչուած կրթական մշակներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերմունքը։ Հուսկ, ան իր օրհնութինը փոխանցեց Թրքահայ ուսուցչաց միութեան գործունէութեան համար եւ յղեց բարեմաղթութիւններ։