Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԷՐԻԻ՝ ՄԱՆԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալէրիի յիշատակին ձօնուած՝ մանկանց նկարչութեան մրցոյթ մը, որ չորրորդը պիտի ըլլայ իր նմաններու շարքին։ Մխիթարեան վարժարանի երդիքին տակ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է ձեռնարկը, որու շրջագծով տղաքը ստեղծագործական աշխատանք պիտի տանին երեք դասաւորումներու մէջ։
Այս շաբաթավերջի գործնական հանգրուանէն վերջ տղոց աշխատանքները պիտի արժեւորուին դատակազմին կողմէ։ Ինչպէս նախորդ մրցոյթներուն եղած էր, այս անգամ եւս մրցանակաբաշխման համար տեղի պիտի ունենայ առանձին հանդիսութիւն մը, որու ժամանակ պիտի յանձնուին դափնեկիրներուն պարգեւները։
Դատակազմի անդամներն են՝ Արշօ Գասպարեան, Արթին Տէմիրճի, Մառլէն Թէքիրտաղլըճան, Մայտա Սարիս եւ Ռեհան Սարըպայ։