ՃՈՒԼԻԱ ՄՈՒԹԼՈՒԻ ԽՈՒՄԲԸ ԱՊՐԻԼԻ 20-ԻՆ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Կը տե­ղե­կա­նանք, թէ պա­րու­սոյց Ճու­լիա Մութ­լու եւ իր խում­բը կը պատ­րաս­տուին այ­ցե­լել Ե­րե­ւան։ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րով յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 20-ին Ճու­լիա Մութ­լուի խում­բը ե­լոյ­թով մը հան­դէս պի­տի գայ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ։ Ե­րե­կոյ­թը մաս պի­տի կազ­մէ 2015-ի տա­րե­լի­ցի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րու ծրագ­րին։ 

Ե­րէկ, խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լեց Ճու­լիա Մութ­լու, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին իր գոր­ծա­կից­նե­րէն Ժա­նին Փա­փա­զեան, Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ Ա­րամ Կոս­տա­նեան։ Ա­նոնք մե­զի յայտ­նե­ցին, թէ Ե­րե­ւա­նի մէջ ի­րենց խում­բը պի­տի կրկնէ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մը։ Ազ­գագ­րա­կան տա­րազ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ այս ծրա­գի­րը են­թար­կուած է կարգ մը չնչին փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, սա­կայն ըստ էու­թեան կը պահ­պանուի նոյ­նու­թեամբ։ 

Ճու­լիա Մութ­լուի խում­բը քա­ռա­սուն հո­գի­նոց կազ­մով մը պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ այս ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը, ո­րու ծախ­սե­րը մա­սամբ կը հո­գայ ա­մե­րի­կա­հայ բա­րե­րար մը։ 

Մին­չ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը՝ խում­բը քա­ղա­քիս մէջ կը շա­րու­նա­կէ փոր­ձե­րը։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2015