ՏԱՆԻԵԼԱ ՊԱԳԸՐՃԸՕՂԼՈՒ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ ՉԱՐԵՆՑԻ ԳՈՐԾԸ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի 11-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Տանիելա Պագըրճըօղլու մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Գրողներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գրական երեկոյթի մը։ Ճատտէպոստանի մշակոյթի կեդրոնին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան զանազան լեզուներով արտասանութիւններ ու ծանօթացուեցան համապատասխան բանաստեղծութիւնները։ Այս առթիւ Տանիելա Պագըրճըօղլու արտասանեց Եղիշէ Չարենցի «Տաղ» գործը, նաեւ ծանօթացուց հեղինակին կեանքն ու գործունէութիւնը։ Դպրեվանքցի աշակերտուհին Չարենցի գործին հայերէն բնագիրը ներկայացնելու առընթեր, արտասանեց նաեւ վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի Սուզան Ավճըի կողմէ կատարուած նոյն գործին թրքերէն թարգմանութիւնը։
Գրական այս ձեռնարկը նախընթաց երեկոյեան կազմակերպուած էր 21 Մարտի Համաշխարհային բանաստեղծութեան օրուան ընդառաջ, «Հողի լեզուն» խորագրին ներքեւ։