ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւետիս Արզումանի մանտոլինի դասընթացքին մասնակից փոքրիկներուն երաժշտահանդէսը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Աւետիս Արզումանի սաները անցեալ եղանակին մեծ կարգապահութիւնով ու եռանդով հետեւեցան մանտոլինի դասերուն, իսկ երէկուան տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի անոնք իրենց աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնեն բոլորին։
Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Րէիսեան, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան, Սամաթիոյ ընտանիքի պատուոյ նախագահ Մելքոն Գարաքէօսէ, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժիններու տնօրէնուհիները՝ Թալին Մաթոսօղլու եւ Ժանէթ Ներկիզ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Ձեռնարկի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Աւետիս Արզուման, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իր կազմակերպած դասընթացքներուն կը բերեն աջակցութիւն։ Աւելի վերջ ներկաները մեծ հաճոյքով ունկնդրեցին իր սաներուն կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրին։
Նուագներէն վերջ շնորհաւորութեան խօսքեր արտասանեցին Տ. Զաքէոս Ծայ-րագոյն Վարդապետ Օհանեան եւ Մելքոն Գարաքէօսէ։
Հուսկ, սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները բարձր գնահատեցին Աւետիս Արզումանի ջանքերը եւ շնորհաւորեցին իր սաները։