ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցաւ տա­րե­կան շրջա­նա­ւար­տից օ­րուան առ­թիւ։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, դպրե­վանք­ցի­նե­րը այս շրջագ­ծով Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ այ­ցե­լե­ցին Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին հաս­տա­տու­թեան հիմ­նա­դիր ե­րան­շա­նորհ Տ. Գա­րե­գին Պատ­րիարք Խա­չա­տու­րեա­նի շիր­մին մօտ։ Այս­տեղ տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն մը, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի։ Ներ­կայ էին Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Թո­րոս Ալ­ճան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան, նախ­կին տնօ­րէն Հայկ Նշան եւ Դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Ո­գե­կոչ­ման այս ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու օրուան բուն ծրա­գի­րը կեան­քի կո­չուե­ցաւ Սկիւ­տա­րի մէջ, դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս, ուր հա­մախմ­բուած էին զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ դպրե­վանք­ցի­ներ, ո­րոնք ապ­րե­ցան զի­րար վե­րագտ­նե­լու հրճուան­քը։ Մինչ 50-ա­մեայ եւ 25-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը մե­ծա­րուե­ցան ա­ռանձ­նա­պէս, դպրե­վանք­ցի­նե­րուն խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կրկնա­պատ­կուե­ցաւ դպրո­ցի այ­սօրուան նա­խան­ձե­լի դիր­քին բե­րու­մով։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015