ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՀԻԼՏԱ ՃԻՎԱՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄՈՏԱՅԻ ԾՈՅԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չու­հի Հիլ­տա Ճի­վա­նեա­նի ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։ Սա իր երկ­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն զա­նա­զան խա­ղե­րու եւ գրա­տե­սակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նա­կան դրուագ­ներ։ Հիլ­տա Ճի­վա­նեան այդ բո­լո­րը խոր ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ ու մեծ վար­պե­տու­թեամբ ստեղ­ծա­գոր­ծած է՝ իր ընտ­րած նիւ­թե­րուն ճո­խու­թիւն վե­րագ­րե­լով գոյ­նի խա­ղե­րով եւ շատ ճա­շա­կա­ւոր ձե­ւով զա­նա­զան խորհր­դան­շան­նե­րը միա­հիւ­սե­լով։

Հիլ­տա Ճի­վա­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Յու­նի­սի 11-ը։

Երեքշաբթի, Յունիս 2, 2015