ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Գարակէօզեան Տան մանկարանէն ներս երէկ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Տարեվերջի հանդէսին առթիւ փոքրիկները յուզումի մէջ էին։ Օրուան տեւողութեան մանկապարտէզի տարեվերջի շարժառիթով տեղի ունեցան երկու հանդէսներ։

Մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ երեսփոխան Սելինա Տողան։

Դպրոցի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, մանկապարտիզպանուհիները եւ կրթական մշակներ ջերմօրէն շրջապատեցին փոքրիկները։ Այս առթիւ տղաքը իրենց զանազան ելոյթներով արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն։

Շաբաթ, Յունիս 2, 2018