Կիրակի 16, Մարտ 2025
ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԴԱՇՏԱՊՏՈՅՏԸ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտները վերջերս կատարեցին դաշտապտոյտ մը դէպի Սիլիվրի։ Ամբողջ օրուան մը տեւողութեան տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։ Դաշտապտոյտի բոլոր մասնակիցները կէսօրին ճաշեցին «Չամլըք» ճաշարանին մէջ։ Այս ուղեւորութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ որպէսզի իրարու հետ բաժնեն ամառնամուտի բարձր տրամադրութիւնը։
Շաբաթ, Յունիս 2, 2018