ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔԸ

Օրթագիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր շրջանաւարտներու աւանդական օրը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Սարէրի եւ Շիրակ Աքքայայի։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Թարգմանչաց սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արաս Ալաքուշ։ Ներկաները ողջունեց նաեւ Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, որ Օրթագիւղի ընտանիքի սիւներէն է ու երիցագոյն անդամներէն, հանդիսութեան ընթացքին սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն։ Երիցագոյն շրջանաւարտի կարգավիճակով արտայայտուեցաւ երախտաշատ կրթական մշակ Շաքէ Պիւյիւքսիմքէշեան, որ բեմ բարձրացաւ կրտսերագոյնին՝ Արիս Զօրվարեանի հետ։ Անոնք բաժակ բարձրացուցին դպրոցի յարատեւութեան համար։

Քառասեամեայ շրջանաւարտներու յոբելեար դասարանի սաները բացառիկ զգացումներու մէջ էին։ Անոնց անունով արտայայտուեցաւ Վարդան Քանթարճօղլու։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Շրջանաւարտից օրուան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։ Դպրոցի երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի մականին ներքեւ հանդէս եկան աշակերտները, որոնք արժանացան ծափահարութիւններու։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024