ԱՄՆ-Ի ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէնը։
Ճուլի Էտէն, որ պաշտօնի նոր ձեռնարկած է, այցելեց Պատրիարքարան՝ հայ համայնքին ծանօթանալու նպատակով։ Տեսակցութեան ընթացքին նորանշանակ աւագ հիւպատոսը Նորին Ամենապատուութենէն տեղեկութիւններ ստացաւ Պատրիարքական Աթոռոյ պատմութեան եւ առաքելութեան մասին։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յատկապէս յիշեցուց, թէ Պոլսոյ Աթոռը Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր կեդրոններէն մին է եւ իր սահմաններէն ներս կը ջանայ պատասխանել համայնքի զաւակներու կրօնական, բարոյական եւ մշակութային պահանջներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Ճուլի Էտէնին՝ անդրանիկ այս այցելութեան առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։