ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՆՇԵՑ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՕՐԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը վերջերս մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Ուսուցչաց օրը։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ նախաճաշ մը, որուն նպատակն էր մեծարել Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի կրթական մշակները։ Այս տարուան Ուսուցչաց օրուան հաւաքոյթին յատուկ վերաբերմունքի առարկայ դարձան վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ ուղեցոյց ուսուցչուհի Անի Թաշը, որոնք կրթական ասպարէզի մէջ աւարտած են քառորդ դարը։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներն ու թաղի յարակից բոլոր մարմիններուն պատասխանատուներն ալ ուրախակից եղան կրթական մշակներուն։ Անիթա Թումայեան եւ Անի Թաշը յուշապնակներ ստացան՝ ձեռամբ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետներէն Մուրատ Չաքանի։ Մեծարեալ կրթական մշակներն ալ արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը։
Հաւաքոյթի աւարտին դպրոցի սանուց միութեան կողմէ պատրաստուած խորհրդանշական յուշանուէրներն ալ յանձնուեցան կրթական մշակներուն։