ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳԻՍՏ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանաց եկեղեցւոյ մէջ Շաբաթ տեղի ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի բազմավաստակ սիւնակագիր նորոգ հանգուցեալ Վարուժան Սայաճեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Հոծ թիւով սգակիրներ լեցուցած էին եկեղեցին եւ իրենց խոնարհումը բերին Վարուժան Սայաճեանի բարի յիշատակին առջեւ։ Յուղարկաւորները ցաւ ի սիրտ յաւերժութեան ճամբեցին Վարուժան Սայաճեանը, նաեւ մխիթարական զգացումներով շրջապատեցին իր այրին՝ վաստակաւոր մշակ Գոհարիկ Սայաճեանը։ Արարողութեան ներկայ էր Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Հանդիսապետեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, որու շուրջ էին Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չընարեան, Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան եւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Յուղարկաւորներու շարքին էր նաեւ Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանէն Յակոբ Սրկ. Մինասեան։
Արարողութեան աւարտին Վարուժան Սայաճեանի դագաղը դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն եւ իր վրայ վերջին աղօթք մը արտասանեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Այս փուլին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ալ խօսեցաւ դամբանական մը՝ ի յիշատակ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի բազմամեայ յօդուածագիր Վարուժան Սայաճեանի։
Յուղարկաւորութենէն վերջ Վարուժան Սայաճեանի անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Էտիրնէգաբուի գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Թաղման կարգը կատարեց Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Թրքահայ կեանք
- 03/03/2025
- 03/03/2025