ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ՊԵԿԻՉԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր։ Թաղականները եւ տնօրէնուհին Նորին Ամենապատուութեան ներկայացուցին Մայր վարժարանի այս տարուան յաջող շրջանաւարտներէն Էմմանուէլ Պեկիչը, որ յաջողած է մուտք գործել Գերմանական վարժարան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ յաջող ընթացաւարտին նկատմամբ՝ գնահատելով անոր արձանագրած նուաճումը։ Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Գիրք մը նուիրեց Էմմանուէլ Պեկիչին եւ յորդորեց, որ Աստուծոյ խօսքի զօրութեան ապաւինի՝ ամէն անգամ նեղութեան կամ դժուարութեան դէմ յանդիման մնալու պարագային։
Թրքահայ կեանք
- 06/24/2025