ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակները երէկ ժամադրուած էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր կրօնական ու աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած տարեկան հանգանակութիւնը համախմբեց համայնքի բազմաթիւ անդամները, որոնք փութացած էին աջակցելու Գումգաբուի ընտանիքին։
Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ մատաղի օրհնութիւն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Նորին Ամենապատուութիւնը։ Այս փուլին միացաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ դպրոցի կարիքներուն եւ Գումգաբուի ընտանիքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Իրաւաբան Էօմէր Քանթիքն ալ լուսաբանեց համայնքային շրջանակները՝ «Papazevleri»ի դատական գործընթացին շուրջ՝ մանաւանդ, որ այս կնճռոտ հարցը լուրջ մարտահրաւէրի մը վերածուած է Գումգաբուի թաղային խորհուրդին տեսակէտէ եւ կը սպառնայ ամբողջ համայնքին։
Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ Մայր վարժարանի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ կանգ առաւ համայնքի յարատեւութեան տեսակէտէ վարժարաններու ներկայացուցած կարեւորութեան վրայ։ Ան խօսեցաւ նաեւ համայնքի հաւաքական հարստութիւնը նպատակասլաց կառավարելու եւ արդար բաժնելու հրամայականին մասին։
Բոլորը արձակուեցան միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքէն վերջ։ Եզրափակիչ փուլին տեղեկացուեցաւ, որ յայտարարուած պիւտճէի բացին կէսը հանգանակուած է։