ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻ ԿԱՆԱՆՑ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը երէկ կազմակերպեց Մեծ պահոց շրջանի աւանդական ճաշկերոյթը։ Սովորաբար Միջինքին տեղի կ՚ունենար աւանդական դարձած այս տիկնանց հաւաքը, սակայն այս տարի Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ծրագրին բերումով թուականը ենթարկուեցաւ փոփոխութեան։

Երէկ առաւօտ Զեքիեան Գերապայծառ պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Միքայէլ Ծ. Վրդ. Ուչար եւ Տէր Յակոբ Սրկ. Մինասեան։

Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ, նախաձեռնարկ տիկնանց յանձնախումբը ճաշկերոյթ մը սարքեց «Փոինթ» պանդոկին մէջ, Պարպարոս։ Հաւաքոյթի պատուոյ հիւրն էր Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, որ շրջապատուեցաւ Զեքիեան Գերապայծառի եւ հոգեւորականաց կողմէ։ Ան իր հետ ունէր խորհրդականներէն Սիրան Սուրքին։

Ճաշկերոյթի ընթացքին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մարի Միմար, որ ներկաները ողջունեց յանուն կազմակերպիչ տիկիններուն։ Սեղաններուն շուրջ համախմբուած էր շուրջ 180 հոգի։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն մը։ Զեքիեան Գերապայծառն ալ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Երէկուան հաւաքոյթի կազմակերպիչ տիկնանց կազմի անդամուհիներն էին՝ Մարի Միմար, Արուսեակ Սուլթանօղլու, Ճաւոլ Թերզիօղլու, Մարգրիտ Թերտէքեան, Ժանէթ Թարաքճը, Սանտրա Ուղուրէլ, Հիւլիա Աթսուպ, Հիլիս Ատեմ եւ Սուէտ Տիլլի։

 

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018