ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՆԱՒԱՊՏՈՅՏ

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Սկիւ­տա­րի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան նա­ւապ­տոյտ մը կազ­մա­կեր­պեց Վոս­փո­րի մէջ։ Յու­նիս 7-ին կա­յա­նա­լիք խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րեա­կին զու­գա­դի­պած այս ծո­վապ­տոյ­տին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ նոյն կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած Մար­գար Է­սաեան։

Ե­րե­կոյ­թին հրա­ւի­րուած էին Սկիւ­տա­րի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, նոյն ե­կե­ղեց­ւոյ Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Յով­հան­նէս Կո­պո­յեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը եւ Սկիւ­տա­րի ըն­տա­նի­քէն այլ գոր­ծիչ­ներ։ Ներ­կայ էին նաեւ յոյն հա­մայն­քէն գոր­ծիչ­ներ։

ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Սկիւ­տա­րի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­գահ Հա­լիտ Հը­զըր եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Հա­լիտ Հը­զը­րի ար­տա­սա­նած ող­ջոյ­նի խօս­քէն վերջ ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Մար­գար Է­սաեան։ Ար­տա­յայ­տուե­ցան նաեւ հո­գե­ւոր հայ­րեր։

Ե­րե­կոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րը հա­մակ­րան­քով ու զօ­րակ­ցու­թեամբ շրջա­պա­տե­ցին ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու Մար­գար Է­սաեա­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015